image

Երեւանի մէջ. Հեղեղումներու պատճառով խճողումներ եւ անմխիթար վիճակ

Երեւանի մէջ. Հեղեղումներու պատճառով խճողումներ եւ անմխիթար վիճակ

Երեւանի մէջ, 30 օգոստոսի գիշերուան  տեղացած յորդառատ անձրեւը այս անգամ եւս  դժուարանցանելի դարձուցած է ճանապարհները մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ:

Դէպի Եռաբլուր գացող կամուրջին մօտ անձրեւաջուրերու մէջ մնացած են «Կազել» մակնիշի ինքնաշարժը,  եւ երկու թեթեւ մարդատար մեքենայ: Միւս ինքնաշարժները շրջանցած են այդ հատուածը: 

Տեղւոյն վրայ պարեկային ծառայութեան աշխատակիցները փորձած են կարգաւորել իրավիճակը:

Նման իրավիճակ ստեղծուած է նաեւ այլ վարչական շրջաններու՝ մասնաւորապէս Երեւանի կեդրոնի, Արաբկիր վարչական շրջանի մէջ եւ այլն:

Օգտատէրերը լուսանկարներ հրապարակած են, ուր հեղեղուած են գետնանցումները, խանութները եւ այլն: