image

Ամէն ինչ պիտի ընեմ Թրամփին յաղթելու համար. Քամալա Հարիս

Ամէն ինչ պիտի ընեմ Թրամփին յաղթելու համար. Քամալա Հարիս

ԱՄՆ փոխնախագահ Քամալա Հարիսը մեկնաբանած է նախագահ Ճօ Պայտընի՝ ընտրապայքարէն հեռանալու եւ նոյեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն իրեն՝ որպէս դեմոկրատական կուսակցութեան միասնական թեկնածու սատարելու որոշումը:

«Շնորհակալ եմ Ճօ Պայտընին Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին արտակարգ առաջնորդութեան եւ մեր երկրին տասնամեակներ շարունակ ծառայելու համար։ Ինծի համար պատիւ է ստանալ նախագահի սատարումը, եւ ես մտադիր եմ արժանի ըլլալ այս թեկնածութեան եւ՝ յաղթել: Ես պիտի ընեմ ինծմէ կախուած ամէն ինչ՝ միաւորելու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, միաւորելու մեր ազգը եւ յաղթելու Տանըլտ Թրամփին եւ անոր ծայրայեղեղական Project 2025 օրակարգին։ Եթէ դուք ինծի հետ էք, ապա նուիրատւութիւն ըրէք հիմա», - գրած է ան X-ի էջին:

Նախօրէին Ճօ Պայտըն յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի 2024 թուականի նախագահական մրցավազքին՝ իր աջակցութիւնը յայտնելով փոխնախագահ Քամալա Հարիսին։

Իր նամակին մէջ Պայտըն Հարիսը անուանած էր «արտակարգ գործընկեր» եւ ըսած, որ անոր փոխնախագահի պաշտօնին ընտրելը «իր կայացուցած լաւագոյն որոշումն է»:

«Այսօր կ՚ուզեմ առաջարկել իմ լիակատար աջակցութիւնը, որ Քամալան ըլլայ մեր կուսակցութեան այս տարուան թեկնածուն», -ըսած էր Պայտըն: