Ամբողջ Ուքրանիոյ մէջ յայտարարուած է օդային ռմբակոծութեան մասին տագնապ, որու մասին յայտնի կը դառնայ երկրի թուային հարցերու նախարարութեան օդային ահազանգման առցանց քարտէզի տուեալներէն։
Ինչպէս գրած է ՌԻԱ Նովոստին, ըստ քարտէզի՝ օդային յարձակման ահազանգը առաջին անգամ հնչած է Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ։ 10 վայրկեանի ընթացքին բոլոր մարզերուն մէջ ահազանգ հնչած է:
Ռուսիոյ զինուած ուժերու՝ ուքրանական տարբեր ոլորտներու ենթակառուցուածքներու վրայ յարձակումները սկսած են 10 հոկտեմբերին՝ Ղրիմի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն երկու օր անց, որու ետին, ըստ Ռուսիոյ իշխանութիւններու, կանգնած են ուքրանական յատուկ ծառայութիւնները։
Հարուածները հասցուած են ուժանիւթի, պաշտպանական արդիւնաբերութեան, ռազմական հրամանատարութեան եւ կապի կառոյցներուն ամբողջ երկրին մէջ՝ Խարքովէն եւ Քիեւէն մինչեւ Լվով եւ Իվանօ-Ֆրանքիվսք: Այդ ժամանակէն ի վեր ուքրանական շրջաններուն մէջ ամէն օր, երբեմն՝ ամբողջ երկրին մէջ օդային յարձակումներու մասին ահազանգեր կը յայտարարուին։
Նոյեմբեր 1-ին Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու մօտ 40%-ը վնասուած է, որ յանգեցուցած է ելեկտրական ուժանիւթի զանգուածային անջատումներու։