image

AMAA-ն եւ Imagine Hub by Soft-ը Աւետիսեան դպրոցին մէջ կը ներդնեն նոր ՏՏ կրթական ծրագիր

AMAA-ն եւ Imagine Hub by Soft-ը Աւետիսեան դպրոցին մէջ կը ներդնեն նոր ՏՏ կրթական ծրագիր

Նոյեմբեր 16-ին, Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է ՏՏ կրթական նոր մոտելի մեկնարկի եւ ներդրման արարողութիւն: 

Ծրագիրը կ'իրականացուի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) աջակցութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ, Imagine Hub by Soft ընկերութեան ֆինանսաւորման եւ ծրագրային աջակցութեան շնորհիւ:

Ծրագիրը նպատակ ունի տարբեր տարիքային խումբերու դպրոցական երեխաներու համար կազմակերպել եւ իրականացնել  փոխներգործօն ծրագրաւորման դասընթացքներ: Imagine Hub by Soft ընկերութեան ֆինանսաւորման շնորհիւ՝ յանձին ընկերութեան հիմնադիր 

Վիգէն Պատալեանի, դպրոցին մէջ պիտի բացուին տրոնաշինութեան, ռոպոթաշինութեան, ճարտարապետական եւ սթարթափ ձեռնարկատիրութեան աշխատանոցներ:

Միջոցառման ընթացքին AMAA-ի, Imagine Hub by Soft-ի եւ Աւետիսեան դպրոցի միջեւ ստորագրուած է եռակողմ յուշագիր, որով տրուած է կրթական նոր ծրագրի մեկնարկը: 

AMAA-ի եւ Imagine Hub by Soft-ի համագործակցութեան յաջորդ փուլը պիտի ըլլայ Քարպի համայնքին մէջ նորարարական կեդրոնի ստեղծումը։