Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կնոջ՝ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի հետ մեկնած է բռնագրաւուած Արցախ:
Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, անոնք Ակնայի մէջ (Աղտամ) ծանօթացած են Hilton Garden Inn հիւրանոցի շինարարական աշխատանքներուն, մասնակցած թուային կառավարման կեդրոնի եւ կրթահամալիրի բացման։