Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած է երկկողմ յարաբերութիւնները, հաղորդած են իրանաեան լրատուամիջոցները:
Նշուած է, որ Ապտոլլահեան Պաքու այցելած է Ոչ յանձնառու շարժումի անդամ երկիրներու նախարարական հանդիպման մասնակցելու համար:
Կողմերը քննարկած են Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային թեմաներ:
Յուլիս 5-ին Ալիեւ հանդիպած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: