image

Ալիեւ ծաղրական ոճով կը խօսի

Ալիեւ ծաղրական ոճով կը խօսի

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ ելոյթ ունենալով Անգարայի մէջ թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին, ցինիկ առաջարկ ըրած է Հայաստանին։

«Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի կողմէ մշակուած վերադարձի հայեցակարգի համաձայն՝ ներկայիս Հայաստանի տարածքէն բռնի տեղահանուած ատրպէյճանցիները հայրենի հողեր վերադարձնելու համար պէտք է ձեռք բերուի իրաւաբանօրէն պարտադիր միջազգային համաձայնութիւն՝ երաշխաւորման եւ վաւերացման համապատասխան մեխանիզմով», -ըսած է ԱԼիեւ:

«Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մենք՝ ատրպէյճանական պետութիւնը, պիտի ապահովենք Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերու անհատական իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, Հայաստանը նոյնպէս պէտք է ապահովէ արեւմտեան ատրպէյճանցիներու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը փոխադարձութեան սկզբունքի հիման վրայ»,-Ալիեւի խօսքը մէջբերած է АПА-ն։   

Փաստացի Ալիեւը այսպիսով կը փորձէ հետագայ յարձակման համար դանդաղ գործողութեան ական գործի դնել։