image
Հրատապ լուրեր:

Պայրամով ծաղրական պատասխան տուած է Զախարովային

Պայրամով ծաղրական պատասխան տուած է Զախարովային

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Ճէյհուն Պայրամով պատասխանած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի՝ Լաչինի միջանցքն ապաշրջափակելու կոչին, կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Վերջին երկուքուկէս տարուան, ինչպէս նաեւ 30-ամեայ «զաւթման» ընթացքին Ատրպէյճանը տասնեակ, հարիւրաւոր, անգամ հազարաւոր տարբեր կոչեր լսած է, յայտարարած է Պայրամով։

«Ի հարկէ, անհրաժեշտ է լսել այդ կոչերը։ Կարեւոր է վերլուծելը։ Եւ մենք այդ կ'ընենք, համապատասխան արձագանգ կու տանք։ Կը կարծեմ, որ ժամանակը ցոյց տուած է, որ զարգանալու եւ ճիշդ ուղղութեամբ հարցերը լուծելու համար ատրպէյճանական կողմը համակարգային միջոցներ պէտք է ընդունի եւ կ'ընդունի։

Ատրպէյճանական պետութիւնը միջազգային իրաւունքի չափանիշերու եւ սկզբունքներու համաձայն հարցերու լուծման իր տեսակէտն ունի։ Մենք մեր քաղաքականութիւնը կը վարենք ոչ թէ ղեկավարուելով ինչ-որ մարդոց կոչերով, այլ ելլելով մեր ազգային շահերէն։ Մենք համոզուած ենք, որ այդ քաղաքականութիւնը դրական արդիւնքներ պիտի ունենայ»,-ըսած է Պայրամով։

Այս պատասխանէն դատելով, կարելի է եզրակացնել, որ այլ ժողովուրդի, տուեալ պարագային Լեռնային Ղարաբաղի 120 000 հայերու, ցեղասպանութիւնը կը բխի Ատրպէյճանի «ազգային շահերէն»։

Մէկ այլ կարեւոր եզրակացութիւն․ Պաքուն վերջապէս բացայայտ կ'ընդունի Արցախի շրջափակումը։