image

Ալիեւ պէտք է ապաշրջափակէ Լաչինի Միջանցքը. Ֆրանք Փալոն

Ալիեւ պէտք է ապաշրջափակէ Լաչինի Միջանցքը. Ֆրանք Փալոն

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրանք Փալոն անդրադարձած է Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի գործի ծիրին մէջ Հաագայի դատարանի վճիռին, ըստ որու՝ Ատրպէյճանը պարտաւոր է ձեռնարկել իրմով պայմանաւորուած միջոցներու Լաչինի միջանցքով մարդոց ու բեռներու անխափան շարժը երկու ուղղութեամբ ապահովելու համար։

«Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռը կը հաստատէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը կը հակասէ միջազգային իրաւունքին եւ անյապաղ պէտք է դադրեցուի: Պետական բաժանմունքն ու մեր դաշնակիցները պէտք է ապահովեն, որ Ալիեւը հետեւի  վճիռին, թոյլ տայ մարդոց ու բեռներու ազատ տեղաշարժելու դէպի Արցախ ու Արցախէն դուրս», - գրած է քաղաքական գործիչը թուիթըրով: