image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ. Հայաստանի հետ պայմանագրի վերաբերեալ աշխատանքները «հեշտ չեն»

Ալիեւ. Հայաստանի հետ պայմանագրի վերաբերեալ աշխատանքները «հեշտ չեն»

Հայաստանի հետ խաղաղ պայմանագիրին վրայ աշխատանքը հարթ չ՛ընթանար, սակայն Ատրպէյճան մտադիր է բարելաւել յարաբերութիւնները իր դրացիին հետ: Աստանա կատարած պաշտօնական այցին ղազախ  իր պաշտօնակիցին՝ Քասիմ-Ժոմարթ Թոկաեւի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Մենք հաստատակամ ենք յարաբերութիւնները կարգաւորելուն մէջ: Ինքնին Ատրպէյճան առաջարկեց սկսիլ աշխատանքի խաղաղ պայմանագիրին վրայ, որ արդէն ընթացքի մէջ է, սակայն ամէն բան հարթ չէ այնքան, որքան մենք կը փափաքինք», յայտնած է Ալիեւ:

Ըստ անոր՝ այլընտրանք չկայ, որովհետեւ դրացիններուն միջեւ պէտք է ըլլան բնականոն յարաբերութիւններ:

Ալիեւ աւելցուցած է, որ Ատրպէյճան կ՛ուզէ խաղաղութիւն հաստատել, «հակառակ գրաւման երեսուն տարիներու ծանրագոյն պատմութեան, զրկանքներուն եւ տառապանքներուն, զորս կրած է Ատրպէյճանի ժողովուրդը եւ աւերածութիւններուն, զորս Ատրպէյճան հիմա պէտք է վերականգնէ»:

«Մենք յառաջ կը նայինք եւ կը սեպենք, որ կայ ՄԱԿի կանոնադրութեամբ սահմանուած սահմաններու անխախտելիութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, միջազգային բոլոր հիմնարար եզրերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան պայմանագիրին հասնելու եւ թշնամութեան բազմամեայ պատմութեան էջը փակելու հնարաւորութիւն», ըսած է Ալիեւ: