image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ. «Ատրպէյճանի մէջ «Պայրաքտար» կեդրոն պիտի բացուի»

Ալիեւ. «Ատրպէյճանի մէջ «Պայրաքտար» կեդրոն պիտի բացուի»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է Ատրպէյճանի մարտական տրոններ եւ ինքնաթիռներ արտադրող թրքական Baykar ընկերութեան «Պայրաքտար» կեդրոնի ստեղծման մասին:

Ինչպէս գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Ատրպէյճանի նախագահն այդ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիա կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին՝ Իսթանպուլի մէջ կայացած արհեստագիտութիւններու փառատօնի ժամանակ։

«Յոյսով եմ, որ շուտով Kizilema-ն (թրքական նոր մարտական անօդաչու ինքնաթիռ -խմբ.) պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի երկինքը»,- ատրպէյճանական լրատուամիջոցները մէջբերած են Ալիեւի խօսքը:

Բացի այդ, Ալիեւ չէ մոռցած գովելու թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը։ 

Ան նաեւ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան անուանած է «միասնական բռունցք»:

«Հայրս կ'ըսէր, որ «Մենք մէկ ազգ ենք եւ երկու պետութիւն», իսկ ես կ'ուզեմ աւելցնել, որ մենք նաեւ մէկ միասնական բռունցք ենք»,- ըսած է Ալիեւ։