image

Ալիեւ առաջադրուած է որպէս Ատրպէյճանի նախագահի թեկնածու

Ալիեւ առաջադրուած է որպէս Ատրպէյճանի նախագահի թեկնածու

2024 թուականի փետրուար 7-ին Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք արտահերթ նախագահական ընտրութիւններուն իշխող «Եէնի Ազրպայճան» կուսակցութեան թեկնածուն պիտի ըլլայ Իլհամ Ալիեւը:

Այդ մասին APA-ին յայտնած է Կեդրոնական գրասենեակի ղեկավար Թաիր Պուտակովը:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը 20 տարի ղեկավարող Ալիեւը վերջին անգամ ընտրուած էր 2018-ի ապրիլին՝ 7 տարի ժամկէտով: Այդ ընտրութիւնները նոյնպէս արտահերթ էին:

Հերթական ընտրութիւնները նախատեսուած էին 2025 թուականի հոկտեմբերին։ Արտահերթ ընտրութիւններու կայացման պատճառներու մասին ատրպէյճանական աղբիւրները չեն հաղորդեր։

Իլհամ Ալիեւ առաջին անգամ Ատրպէյճանի նախագահ ընտրուած է 2003 թուականին, այնուհետեւ երկու անգամ Սահմանադրութիւն փոխած է։ Ան վերացուցած է երկու անգամէն աւելի նախագահ ընտրուելու արգելքը, այսինքն՝ միջինասիական երկիրներու պէս՝ Ատրպէյճանի մէջ նախագահը կ՚ընտրուի ցմահ: