image

Ալեքսանդր Ազարեան ընտրուած է Փաստաբաններու միութեան նախագահ

Ալեքսանդր  Ազարեան  ընտրուած է Փաստաբաններու միութեան նախագահ

Դատաւորներու միութեան նախագահ ընտրուած է Վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւոր՝ Ալեքսանդր Ազարեան։

Ազարեան ստացած է 139 ձայն, Վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատի դատաւոր Ելիզավեթա Դանիէլեան՝ 44։

Նշուած է, որ միութեան ընտրութիւններուն մասնակցած են 189 դատաւոր։

Միութեան նախագահի տեղակալներ առաջադրուած են դատաւորներ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւորներ Լիզա Գրիգորեան,  Արթուր Ստեփանեան, Ճոն Հայրապետեան եւ վարչական դատարանի դատաւոր Ռուզաննա Ազրոյեան։