image
Հրատապ լուրեր:

Ալէն Սիմոնեան ստանձնեց ՀՀ նախագահի լիազօրութիւնները

Ալէն Սիմոնեան ստանձնեց ՀՀ նախագահի լիազօրութիւնները

Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան արձանագրութիւն ստորագրած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի լիազօրութիւնները դադրած համարելու մասին: Այդպիսով` Ալէն Սիմոնեան ստանձնած է ՀՀ նախագահի լիազօրութիւնները: 

«Հիմք ընդունելով Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի մասին դիմումը եւ առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 142-րդ յօդուածի եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 147-րդ յօդուածի 1-ին մասի եւ 2-րդ մասի 2-րդ կէտի պահանջներով` դադարած համարել Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի` նախագահի լիազօրութիւնները», ըսուած է արձանագրութեան մէջ: