image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. «Յաջորդող օրերը»

Ակնարկ «Ազդակ»էն. «Յաջորդող օրերը»

Պարզ է, որ առաջադրանքը Իսրայէլ-Լիբանան ցամաքային սահմանազատումին կը վերաբերի: Իսկ Պէյրութ սպասուող ամերիկացի դիւանագէտը  հռչակաւոր է իբրեւ միջնորդ, որ իրականացուցած է Իսրայէլ-Լիբանան ծովային սահմանազատման համաձայնութիւնը:

Յաջորդող օրերը ուրեմն որոշ առումով լուսարձակներ պիտի կեդրոնացնեն այս օրակարգերուն վրայ: Երկու պետութիւն, տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատում, Կազայի կարգավիճակ եւ Լիբանան-Իսրայէլ ցամաքային սահմանազատում:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կատարած վերջին յայտարարութիւնները մտածել կու տան, որ յետպատերազմական իրավիճակին ուղղութեամբ նախանիշեր կը ձեւաւորուին:

Ըստ ամերիկացի թիւ 1 դիւանագէտին, Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Թուրքիան պիտի քննարկեն Կազայի պատերազմին յաջորդող օրը: «Յաջորդող օրերը» բառակապակցութիւնը կը խօսի փաստօրէն Կազայէն ետքի մասին: Այստեղ ակնարկ չի կատարուիր Կազայի ստանալիք կարգավիճակին մասին: Բայց եթէ մտաբերենք նախորդող յայտարարութինները, ապա կ՛ուրուագծուի երկու պետութիւն բանաձեւը:

Նշուած պետութիւններուն մօտ Միացեալ Նահանգները փաստօրէն կատարած են նախապատրաստական աշխատանք Կազայէն ետք Թել Աւիւի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ համագործակցութեան գործընթացը շարունակելու:

Նախապէս նկատուած Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ որոշ կէտերու շուրջ անհամաձայնական մթնոլորտը այժմ, գէթ յայտարարողական առումով, վերափոխուած է: Ուաշինկթընը պարզ կը դարձնէ, որ թոյլ չի տար Իսրայէլը միջազգայնօրէն դատել` իր գործած ռազմական յանցագործութիւններուն համար: Այս բացարձակ մօտեցումը համապատասխան արձագանգ գտած է պաշտօնական Թել Աւիւի կողմէ, որ շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն:

Նշուած շրջանային երկիրներէն կը բացակայի Իրանը: Առաջին հայեացքով Թեհրանի դուրս մղումն է յաջորդող օրերուն համար նախապատրաստուող գործընթացներէն: Քաղաքականօրէն սակայն այդպէս չէ: Յարաբերութիւններու հաստատման կտրուկ շրջադարձերուն մէջ ամէնէն յատկանշականը Ռիատ-Թեհրան դիւանագիտական կապեր գոյացնելու մեկնարկն է, ինչ որ չի  կրնար իր ազդեցութենէն դուրս պահել հետագայ իրադրութիւնները:

Ըստ էութեան, Իրան-Միացեալ Նահանգներ գործող ուղղակի կապերն են, որոնք միաժամանակ թէ՛ կը սահմանափակեն պատերազմը արգելակելով անոր  տարածաշրջանայինի վերածուիլը, եւ թէ՛ կը ձեւաւորեն քաղաքական նոր օրակարգերը: Եւ եթէ Կազայի ուղղութեամբ կայ «երկու պետութիւն» օրակարգը, որ այս ձեւով կը պայմանաւորուի Իսրայէլի դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու խորացումով կամ խաղաղութեան հաստատումով, ապա Լիբանանի պարագային հետզհետէ օրակարգի կը վերածուի Իսրայէլ-Լիբանան ցամաքային սահմանազատման- սահմանագծման գործընթացը:

Պաշտօնական Պէյրութը արտայայտուած է այս մասին. վարչապետի պաշտօնակատարը կը խօսի ճգնաժամին դիւանագիտական լուծում բերելու կարելիութեան մասին: Ըստ անոր, «պահանջուածը զինադուլի վերահաստատումն է եւ անոր գործադրութիւնը` հարաւային Լիբանանի կացութիւնը վերադարձնելով այն իրավիճակին, որ էր 1967-էն առաջ: Պէտք է վերադարձնել նաեւ Մազարեհ Շեպաան, որ լիբանանեան գերիշխանութիւն կը վայելէր` նախքան անոր բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերը պէտք է նահանջեն բռնագրաւեալ բոլոր հողերէն»: Յիշենք անմիջապէս, որ Պէյրութ կը սպասուի Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդականը, որուն հետ պիտի քննարկուին այս հարցերը:

Պարզ է, որ առաջադրանքը Իսրայէլ-Լիբանան ցամաքային սահմանազատումին կը վերաբերի: Իսկ Պէյրութ սպասուող ամերիկացի դիւանագէտը  հռչակաւոր է իբրեւ միջնորդ, որ իրականացուցած է Իսրայէլ-Լիբանան ծովային սահմանազատման համաձայնութիւնը:

Յաջորդող օրերը ուրեմն որոշ առումով լուսարձակներ պիտի կեդրոնացնեն այս օրակարգերուն վրայ: Երկու պետութիւն, տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատում, Կազայի կարգավիճակ եւ Լիբանան-Իսրայէլ ցամաքային սահմանազատում:

Այս հանգամանքները որոշ առումներով կը պարզաբանեն նաեւ կարմիր գիծերը մինչ այժմ չհատելու զսպիչ գործօններուն  եւ մանաւանդ ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ եզրայանգում ուրուագծուող օրակարգերու մասին: Այլ խօսքով, «յաջորդող օրեր»-ու մասին:

 

«Ա.»