image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 12-րդ խմբագրումը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 12-րդ խմբագրումը

Պաքուն, ապա Երեւանը պարզ դարձուցին, որ քննարկուող խաղաղութեան պայմանագիրի  փաստաթուղթին բոլոր կէտերուն շուրջ կայացած է համաձայնութիւն, եւ այս առումով խմբագրական բանակցութիւնները աւարտած են: Յստակ դարձաւ, որ առաջին վայրկեանէն Պաքուն խախտած է համաձայնութիւնը եւ կանխած համատեղ յայտարարութիւնը:

Այս համաձայնութեան յայտարարութեան նախօրէին եւ ընթացքին Պաքուէն շարունակեցին հնչել նոր նախապայմաններ: Հայաստանը պէտք է դադրի սպառազինուելէ, յանձնէ իր մօտ ապաստանած ռազմական յանցագործները, փոխէ Սահմանադրութիւնը եւ միջազգային ատեաններէ յետս կոչէ իր հայցերը:

Այս նախապայմաններու հրապարակումներէն զատ Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարեց, որ վստահութեան առումով Հայաստանի պահուածքը զերոյական է եւ թէ մինչեւ որ պայմանագիրը չստորագրուի, կարելի չէ խաղաղութեան մասին խօսիլ: Աւելի մտահոգիչը այն է, որ Ազրպէյճանի պաշտօնական խoսափող նկատուող լրատուամիջոցներ կը խօսին այն մասին, որ Երեւան կը պատրաստուի պատերազմի, գործողութիւններու սկսման ժամանակ ճշդած ըլլալով ապրիլ ամիսը:

Մինչեւ այս համաձայնութեան յայտարարութիւնը, Հայաստանի վարչապետը յայտնած էր, որ հաղորդուղիներու ապաշրջափակման համար փաստաթուղթի 12-րդ խմբագրումով Երեւանը այնպիսի նախագիծ առաջարկած էր, որ հարիւր առ հարիւր կը բաւարարէր կողմերուն: Ըսել կ՛ուզէր, որ գնդակը ազրպէյճանական դաշտին մէջ է եւ կը սպասուի դրական պատասխանի:

Դրական պատասխան եկաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ զուգորդուած շատ բացասական զուգահեռ յայտարարութիւններով, նոր նախապայմաններով: Վերջինը` Հայաստանը պէտք է փոխհատուցէ Ազրպէյճանին հասցուցած իր վնասները:

Ուրեմն 12-րդ խմբագրումը փաստօրէն հանգուցալուծած էր թնճուկը` հաղորդուղիներու շրջափակումը: Իսկ այս առումով Թեհրանի շուտափոյթ ողջունելը անշուշտ նշանակութիւն ունի: Իրանը բազմիցս վերահաստատած էր իր վճռակամութիւնը Սիւնիքի ճանապարհներու կարգավիճակի փոփոխութեան դէմ արտայայտուելով: Յայտնաբար 12-րդ խմբագրումով առաջադրուած ապաշրջափակման նախագիծին համաձայն է Իրանը:

Ողջունողներու շարքին էին Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգներն ու ՀԱՊԿ-ը: Իսկ Մոսկուան յղում ընելով եռակողմ համաձայնութիւններուն իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր ապաշրջափակման գործողութիւններուն աջակցելու եւ եռակողմ համաձայնագիրի ստորագրութեան համար հարթակ տրամադրելու:

Ըստ էութեան նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտը այս ձեւով դուրս եկած է բանակցային կէտէ: Ըստ երեւոյթին, կողմերը համաձայնած են առանց երրորդ ուժի սահմաններ ունենալու կէտին: Եւ եթէ նման համաձայնութիւն կ՛ենթադրէ մէկ կողմէ ռուս սահմանապահներու հեռացում, միւս կողմէ նաեւ Եւրոպական Միութեան դէտերու առաքելութեան չեղարկում:

Անվտանգային առումով ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը յայտնուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աքցանին մէջ: Թրքական մուրճին եւ ազրպէյճանական սալին:

Համաձայնութիւնը չէ ներառած Պաքուի մէջ առեւանգուած, պատանդառուած եւ սարքովի դատավարութիւններու ենթարկուող Արցախի գերիներու ազատ արձակումը: Երեւանը կը խօսի խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք Պաքուի մէկ այլ նախապայմանը բաւարարելու մասին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման: Փաստաթուղթը յայտնաբար չէ արձանագրած նաեւ ազրպէյճանական զօրքերու  հայաստանեան տարածքներէ հեռացման պահանջը:

Ներխուժող-ներխուժուած յարաբերակցութեամբ խմբագրական բանակցութիւններէ ետք կայացած է համաձայնութիւն: Պաքուն նոր նախապայմաններ կ՛արծարծէ, կը շարունակէ վերահսկել Հայաստանի գերիշխան տարածքներ, ազատ չ՛արձակեր Արցախի գերիները, կը  հաստատէ, որ կայունութիւն չ՛արձանագրուիր մինչեւ ստորագրութիւն, որուն համար ցուցադրականօրէն չի շտապեր: Գուցէ ստորագրութեան թուականի ճշդումը պայմանաւորելով նոր նախապայմաններու իրականացումով:

 

«Ա.»