image

Ակնա շրջանի ուղղութեամբ մեծ թիւով կրակոցներ եղած են. ՊԲ

Ակնա շրջանի ուղղութեամբ  մեծ թիւով կրակոցներ եղած են. ՊԲ

Անցեալ գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զէնքերէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտած է շուրջ 65 անգամ, որուն ընթացքին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է 1000-է աւելի կրակոց: Առաւել շատ խախտումներ արձանագրուած են առաջնագիծի արեւելեան (Ակնայ) հատուածին մէջ: Այդ մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ  ՊՆ  մամլոյ ծառայութենէն, նշելով, որ բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ դիպուկահար հրացաններ (54 կրակոց), իսկ հարաւ-արեւելեան (Մարտունի) պաշտպանական ուղղութեամբ` հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (4 արկ):