image

Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ մօտ 100 հրթիռ արձակուած է

Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ մօտ 100 հրթիռ արձակուած է

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով՝ այսօր առաւօտէն Լիբանանէն հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ մօտ 100 հրթիռ արձակուած է, յայտնած է Times of Israel-ը:

Հրթիռներէն մի քանին արձակուած են Արեւմտեան Կալիլիոյ եւ Հայֆայի ծովածոցի ուղղութեամբ: Տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չկան։

Վերջին ամիսներուն Լիբանանի մէջ տեղակայուած «Հըզպալլա» շարժումը պարբերաբար կը հրթիռակոծէ Իսրայէլի տարածքը՝ ի պատասխան Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններուն: Իսրայէլը, իր հերթին, զանգուածային օդային հարձակումներ կ՚իրականացնէ Լիբանանի տարածքին մէջ՝ պնդելով, որ կը թիրախաւորէ բացառապէս «Հըզպալլա»-ի կառոյցները: Իսրայէլի հարուածներու հետեւանքով անցեալ շաբաթ սպանուած է շարժման ղեկավար Հասան Նասրալլան: