ԱՀԱԸ-ն հաւատարիմ իր Աստուածահաճոյ առաքելութեան, օրերս օգնութեան ձեռք մեկնած է Արցախէն բռնագաղթի ենթարկուած մեր հայրենակիցներուն։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՀԱԸ-ի պաշտօնական կայքէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ ներկայացուցած ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեանի ուղերձը։
Օգնութեան աղաղակը կը կրկնուի բարձր եւ պարզ: Հազարաւոր մեր Արցախցի հայրենակիցներու հոսքը սահմանին կը յորդի եւ մարդկային ճգնաժամը արագօրէն կը սրի:
Մեր ժողովուրդը յոգնած է, աւելի քան 9 ամիս շրջափակումի մէջ ապրելէն ետք, ի դէմս էթնիկ զտումի ակնյայտ ցուցադրութեան, անոնց կեանքը սարսափազդու ձեւով շրջուած է ահաբեկչական նոր ընթացքով: Անմեղ կեանքեր անբարոյ կերպով մասնատուած են եւ ընտանիքներ բաժան բաժան եղած:
Թէեւ ԱՀԱԸ-ը անսասան եւ 24/7-ի տեւողութեամբ պատրաստ է Հայաստան ժամանող տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն ցուցաբերել ֆիզիքական եւ հոգեւոր աջակցութիւն, մենք նաեւ ձեր աջակցութեան կարիքը ունինք:
Իրավիճակը ծանր է եւ անյապաղ անհրաժեշտութիւն կայ.
ԱՀԱԸ կեդրոնները Այնթապի, Արմաւիրի, Արտաշատի, Դիլիջանի, Գորիսի, Հանքաւանի, Իջեւանի, Շիրակամուտի, Սիսիանի, Վանաձորի եւ Երեւանի մէջ , բոլորը զբաղուած են եւ կը տրամադրեն ժամանակաւոր կացարան, կը կատարուի սնունդի եւ առողջապահական (հիգենայի ) ծրարներու, մանկական կաթնախառնուրդ բաշխում եւ բժշկական օգնութիւն: Մեր Հովիւները կը հանդիպին անհատներու եւ ընտանիքներու հետ՝ օգնելու անոնց , որ դիմակայեն իրենց վախը, զայրոյթը եւ շփոթը:
Ժամանակը դժուար է, իսկ ներհոսքը բուռն ։ Ձեր նման գործընկերներու աջակցութեամբ՝ AMAA-ն յանձնառութիւն կ’առնէ տարհանուածներուն առաւելագոյն չափով օգնելու եւ զանոնք բնակեցնելու :
Ես կը դիմեմ ձեզի, ձեր շարունակական աջակցութեան եւ աղօթքներուն համար: Մենք ձեռք ձեռքի տալով պէտք է օգնենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն որպէսզի կարենան յաղթահարել այս դժուարին ժամանակը:
Տէրը օրհնէ ձեզ:
Զաւէն Խանճեան
ԱՀԱԸ Գործադիր Տնօրէն