ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ, Քննչական կոմիտէի նախկին նախագահ Աղուան Յովսէփեան գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի։ Նման որոշում կայացուցած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը։
Նշենք, որ Յովսէփեանի դէմ յարուցուած քրէական գործով հրատապ նիստ հրաւիրուած էր։ 9 Օգոստոսին յայտնի դարձած է, որ կալանքի տակ գտնուող Աղուան Յովսէփեանը «Նայիրի» ԲԿ-էն «Իզմիրլեան» ետ վերադառնալու ժամանակ ուշագնաց եղած է։ Փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեանն այսօր ըսած էր` «Իզմիրլեան» ԲԿ-ն տեղեկացուցած է, որ Յովսէփեանի մօտ քոմայի (մահաքուն) նախանշաններ եղած են: Ուստի փաստաբանները միջնորդեցին գրաւի դիմաց ազատ արձակել Յովսէփեանը։
«Դատարանը որոշեց բաւարարել Յովսէփեանի պաշտպանների միջնորդութիւնը։ Յովսէփեանն ազատ կ'արձակուի գրաւի դիմաց»,-ըսած է դատաւորը։
«Դատարանը որոշեց մասնակիօրէն բաւարարել Յովսէփեանի պաշտպանների միջնորդութիւնը։ Յովսէփեանն ազատ կ'արձակուի 100 մլն դրամ գրաւի դիմաց, ինչպէս նաեւ չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ»,- նշած է ան։
Մնացական Մարտիրոսեան աւելցուցած է` երբ կը վճարուի 100 մլն դրամը եւ համապատասխան թուղթը կը ներկայացուի դատարանին, Յովսէփեանն ազատ կ'արձակուի։
Յովսէփեանի դէմ յարուցուած քրէական գործով յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 9 սեպտեմբերին, ժամը 16։30-ին։
Նշենք, որ Յովսէփեան կը տառապի շաքարախտէ, որ կ'ընթանայ ծանր ձեւով։
Յիշեցնենք` Աղուան Յովսէփեանը ձերբակալուած է 7 Սեպտեմբերի առաւօտեան՝ 1,5 տարի առաջ յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս:
Ըստ Յատուկ Քննչական ծառայութեան՝ 68-ամեայ Յովսէփեանը, որ 2004-էն մինչեւ 2018 թուականներու ընթացքին զբաղցուցած է նախ գլխաւոր դատախազի, ապա Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնները, օրինականացուցած է աւելի քան 1 միլիառ 300 միլիոն դրամ, մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող շարք մը ընկերութիւններու կառավարման, ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով` 190 միլիոն դրամ կաշառք եւ խարդախութեամբ յափշտակած է 800 միլիոն դրամ գոյք։ Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ ՔՕ 310-րդ յօդուածով, 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով (3 դրուագ):