image

Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի պատուիրակութիւնները վերսկսած են բանակցութիւնները Իսթանպուլի մէջ

Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի պատուիրակութիւնները վերսկսած են բանակցութիւնները Իսթանպուլի մէջ

Փաքիստանի պատուիրակութիւնը Իսթանպուլի մէջ դարձեալ մասնակցած է Աֆղանստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ աֆղանական TOLO News լրատուականը։

Աղբիւրներու համաձայն՝ Քաթարի եւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի պատուիրակութիւնները համաձայնութեան եկած են, որ բանակցութիւնները վերսկսին Հոկտեմբեր 30-ին։

Մինչ այդ յայտնի դարձած էր, որ չկարենալով հասնիլ համաձայնութեան՝ փաքիստանեան կողմը որոշած էր լքել Թուրքիան։

Բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան Քապուլի եւ Իսլամապատի միջեւ լարուածութեան սրացման պայմաններուն մէջ՝ Փաքիստանի կողմէ Աֆղանստանի օդային եւ սահմանային տարածքներու խախտումներէն եւ Փաքթիքա նահանգին վրայ կատարուած յարձակումներէն ետք։

Ի պատասխան այդ յարձակումներուն՝ Աֆղանստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատասխան հարուածներ հասցուցած է Տուրանտ գիծին երկայնքով գտնուող աֆղանական դիրքերուն։