image

Աբրահամ Գասպարեանի գլխաւորած Genesis Armenia-ն նոր ծրագիր սկսած է Ստեփանակերտի մէջ

Աբրահամ Գասպարեանի գլխաւորած Genesis Armenia-ն նոր ծրագիր սկսած է Ստեփանակերտի մէջ

Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած է Արցախի պատմութեան ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը, որ նպատակ ունի ժամանակակից դասաւանդման մեթոտներու վերաբերեալ գիտելիք, փորձ ու հմտութիւններ փոխանցել ուսուցիչներուն՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքական, անվտանգային եւ տեղեկատուական ոլորտները ներկայացնելու ժամանակ։

Genesis Armenia ուղեղային կեդրոն/հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասընթացքը եռօրեայ է։ Մասնակիցները Ստեփանակերտի հանրակրթական դպրոցներու «Հայոց եւ համաշխարհային պատմութիւն» նիւթերու ուսուցիչներն են՝ մօտ 20 հոգի։

«Արցախում արդէն հասցրել ենք բազմաթիւ ծրագրեր իրագործել, որոնց կարեւորագոյն բաղադրիչը կրթութիւնն է։ Հայ մնալու համար պէտք է ամուր պահել մայրենի լեզուն ու հայոց պատմութիւնը, հետեւաբար ուսուցիչների վերապատրաստման դասընթացը սկսում ենք պատմութիւնից։ Տիեզերքում ոչ մի ուժ չի ստիպելու մեզ Արցախին միայնակ թողնել, իսկ այս նախաձեռնութիւնը նոր ճիւղաւորումներ է տալու»,- նշած է Genesis Armenia-ի հիմնադիր տնօրէն՝ Աբրահամ Գասպարեան։

Կարեւորելով պատմութեան դերն ու նշանակութիւնը՝ Genesis Armenia-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ՝ Սամուէլ Վարդանեան նշած է, որ պատմութիւն նիւթի միջոցով աշակերտը կը դաստիարակուի։

«Հայրենիքի պատմութիւնը ներկայացնելով՝ ուսուցիչներն աշակերտների մէջ հայրենասիրութեան կարեւորագոյն հիմքերն են դնում, ձեւաւորում արժէքներ ու ազգային նպատակների իրականացման կամք»։ Իսկ թշնամուն ճիշդ ներկայացնելն այս համատեքստում չափազանց էական գործօն է»,- նշած է Սամուէլ Վարդանեան: 

Վերապատրաստման ծրագիրը մշակած է պատմաբան, Հայոց պատմութեան ուսուցիչ, Genesis Armenia-ի անդամ՝ Սուրէն Թազայեան, որ արցախցի գործընկերներուն հետ հարց ու պատասխանի միջոցով, նախ, փորձած է վեր հանել  «Հայոց պատմութիւն» նիւթի դասաժամերու ու դասաւանդման մեթոտներու հետ կապուած խնդիրները։

«Վերջին պատերազմում պարտուելու գլխաւոր պատճառներից մէկը կրթութեան ներկայ վիճակն ու Արցախի մասին մակերեսային գիտելիքն է։ Սեփական պատմութիւնն իմանալու եւ կրթական ճիշդ համակարգ կառուցելու դէպքում միայն կը յաջողենք»,- ըսած է Թազայեան։

Արցախի ԿԳՄՍ նախարար՝ Անահիտ Յակոբեան, ողջունելով Genesis Armenia-ի հերթական կրթական նախաձեռնութիւնը, ըսած է, որ գործակցութեան նման ձեւաչափը շատ կարեւոր է՝ յետպատերազմեան Արցախի մէջ որակեալ քատրերու պատրաստման ու անոնց միջոցով որակական լուրջ փոփոխութիւն իրականացնելու առումով։

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ուղեղային կեդրոնին՝ Արցախը տեւական ուշադրութեան կեդրոն պահելու եւ արհեստավարժ աշխատանքի միջոցով անոր զարգացման նպաստելու համար։

Վերապատրաստման դասընթացի աւարտին մասնակից ուսուցիչները պիտի ստանան հաւաստագիրներ։