image
Հրատապ լուրեր:

ԱԱԾ-ն քրէական գործ պիտի բանայ Ազգային Ժողովի միջադէպին մասին

ԱԱԾ-ն քրէական գործ պիտի բանայ Ազգային Ժողովի միջադէպին մասին

ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ Դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցած միջադէպին կապակցութեամբ ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ յարուցուած է քրէական գործ: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով յայտնած է փաստաբան Բենիկ Գալստեանը։ 

«Ազգային Ժողովում տեղի ունեցած միջադէպի կապակցութեամբ ՀՀ ԱԱԾ քննչական դեպարտամենտում յարուցուել է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտի (անձի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելով զուգորդուած խուլիկանութիւնը, որը կատարուած է մի խումբ անձանց կամ կազմակերպուած խմբի կողմից) յատկանիշներով։ Լիայոյս եմ, որ վարոյթն իրականացնող մարմինը կ'իրականացնի օբյեկտիվ նախաքննութիւն», գրած է Գալստեանը: