Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բացայայտած է խումբի կազմի մէջ ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն կատարելու դէպք:
«Պարզուել է, որ Ա.Մ-ն, Ս.Մ-ի, Է.Ծ-ի, Վ.Ո-ի, Կ.Ս-ի եւ քննութեամբ դեռեւս ինքնութիւնները չպարզուած այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ, խմբի կազմում գործիքներ, միջոցներ ձեռք բերելու, դրանք յարմարեցնելու եւ դիտաւորութեամբ այլ պայման ստեղծելու եղանակով 2023-ի ընթացքում նախապատրաստել են կատարել պայթյուն եւ այլ հանրավտանգ արարք, ինչպէս նաեւ զաւթել եւ պահել ՀՀ պետական նշանակութեան եւ այլ շինութիւններ՝ զուգորդուած քաղաքացիական անձին կեանքից զրկելու, ենթադրեալ խոշոր չափերի գոյքային վնաս պատճառելու եւ այլ ծանր հետեւանք առաջացնելու վտանգով, որի նպատակն է եղել հանրային իշխանութեան մարմինների գործունէութիւնը կազմալուծելը, սակայն իրենց կամքից անկախ հանգամանքներով չեն կարողացել սկսել յանցանքի կատարումը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յանցաւոր խումբի 5 անդամներու նկատմամբ յարուցուած են հանրային քրէական հետապնդումներ, ներկայացուած են մեղադրանքներ: Վերջիններուս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն յայտնած են, որ յանցաւոր խումբի անդամներու բնակութեան հասցէներուն, անոնց կից շինութիւններուն մէջ խուզարկութիւններ կատարուած են, որոնց շնորհիւ յայտնաբերուած են հրազէն, ռազմամթերք, ազդանշանային պայթուցիկ-սարք, ազդանշանային հրթիռի արձակման սարք։
«Խուզարկութիւնների արդիւնքում յայտնաբերուած գրառումների եւ այլ նիւթերի ուսումնասիրութեամբ պարզուել է, որ նախապատրաստուող ահաբեկչական գործողութիւնը կրել է «Հիւսիսային տերեւաթափ» անուանումը, որի յաջող իրականացման եւ այնուհետեւ՝ ահաբեկչական գործողութիւններին աւելի լայն զանգուածների ներգրաւելու դիտաւորութեամբ նախապէս ծրագրուել է ստեղծել ուկրաինական, մոլդովական տելեգրամեան ալիքներ՝ «Ազգային փրկութեան ապստամբութիւն» անուանումներով, ահաբեկչական գործողութիւնները սկսելու նախորդ օրը՝ գիշերային ժամերից սկսած՝ ակտիւացնել տելեգրամեան ալիքները եւ ակտիւիստներին: Մանրակրկիտ պլանաւորուել է շինութիւններ զաւթելու համար գրոհելու, նահանջելու եւ դարանակալելու գործողութիւնները»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։