image

858 միլիառ տոլար. ԱՄՆ Քոնկրէսը հաստատած է 2023-ի ռազմական պիւտճէն

858 միլիառ տոլար. ԱՄՆ Քոնկրէսը հաստատած է 2023-ի ռազմական պիւտճէն

Փենթակոնի ռազմական պիւտճէն 2023 թուականին պիտի կազմէ 858 միլիառ տոլար. այս գումարը համաձայնեցուցած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի համապատասխան յանձնաժողովները, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։

Մասնաւորապէս, 317,3 միլիառ տոլար պիտի ծախսուի Փենթակոնի ռազմական տեխնիկայի եւ գոյքի շահագործման եւ պահպանման վրայ, եւս 174,5 միլիառ տոլար պիտի ծախսուի ռազմական անձնակազմի պահպանման համար։

2023 թուականին Փենթակոնը կը նախատեսէ նաեւ 161,3 միլիառ տոլար ծախսել ռազմական գնումներու վրայ եւ 138,6 միլիառ տոլար՝ հետազօտութիւններու եւ մշակումներու վրայ, աւելի փոքր գումարներ՝ 30,5 միլիառ տոլար եւ 16,5 միլիառ տոլար՝ աթոմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործունէութեան եւ զինուորականներու համար բնակարաններու կառուցման համար:

Ռազմական պիւտճէի առանձին յօդուածներու մէջ գրուած է «ընդդիմացում Ռուսիոյ», որուն վրայ նախատեսուած է ծախսել 6 միլիառ տոլար, ինչպէս նաեւ 800 միլիոն տոլար՝ Ուքրանիոյ աջակցելու համար։

Անցեալ տարի ԱՄՆ Քոնկրէսը հաստատած է Փենթակոնի 778 միլիառ տոլարի պիւտճէն։