80 տարիքին մօտեցած սուրիացի Նաժլա Պըրղոլ իր համալսարանական վկայականը ստացած է «Թըշրին» համալսարանի գրադարաններու եւ տեղեկատուութեան ամպիոնէն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն, որ նաեւ նշեց, որ անոր երազանքը կանգ չ'առներ այդ յաջողութեան վրայ, եւ ան կը ձգտի շարունակել ուսումը եւ ստանալ մագիստրոսական աստիճան:
«Թշրին» համալսարանի Գրականութեան եւ մարդասիրական գիտութիւններու բաժանմունքէն աւարտած 79-ամեայ Պըրղոլ կը հաստատէ, որ գիտութիւնը տարիք չի ճանչնար եւ որ տարիքը չէ խանգարած իրեն՝ իրականացնելու համալսարանական վկայական ստանալու իր երազանքը:
«Ըմ Հիշամ» անունով յայտնի սուրիացի քաղաքացի ՝ Պըրղոլ 54 տարեկանին գրագիտութեան փուլը աւարտելէ ետք, հիմնական կրթութեան փուլը ամբողջացուցած է 69 տարեկանին, ապա նաեւ՝ երկրորդական կրթութիւնը:
Ան 1942-ի ծնունդ է եւ ձիթապտուղ եւ կիտրոն վաճառելով ապահոված է իր համալսարանական ծախսերը: Ունի 8 զաւակ եւ 15 թոռ:
Անցեալ ամիս գնահատելով անոր կրթասիրութիւնը Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ասատ հանդիպած է Նաժլա Պըրղոլին, որ ձգտումի, վճռակամութեան, յուսահատիլ չգիտցողի բացառիկ կերպար կը համարուի: