image
Հրատապ լուրեր:

44 -Օրեայ զոհերուն թիւը 3781 է. Պաշտօնական

44 -Օրեայ զոհերուն թիւը 3781 է. Պաշտօնական

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերբւ քննութեան վարչութեան մէջ կը շարունակուի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ պատերազմ սանձազերծելու եւ վարելու, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին նախապէս հաւաքագրուած վարձկաններ օգտագործելու, պատերազմ վարելու արգիլուած մեթոտներ եւ միջոցներ կիրառելու, քաղաքացիական բնակիչները զինուորներէն չտարբերակելու եւ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու քաղաքացիական բնակչութեան համակարգուած, կանխամտածուած եւ նպատակաուղղուած գրոհներու թիրախ դարձնելու,  մասնաւորապէս՝ խոր թիկունքին գտնուող քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական նշանակութեան վայրեերը ոչ-ընտրովի յարձակման թիրախներ դարձնելու եւ հրետակոծելու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններու լուրջ խախտումներ համարուող արարքներ կատարելու փաստերու առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Քրէական գործի շրջանակներուն մէջ պարզուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զոհուած զինուորներու եւ քաղաքայինի ընդհանուր թուաքանակը կը կազմէ 3781 անձ։ 27 Սեպտեմբեր 2021-ի դրութեամբ անյայտ է 231 զինուորի եւ 22 քաղաքացիական անձի գտնուելու վայրը։

Մինչեւ օրս Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւն յանձնուած է գերեվարուած ընդհանուր թիւով 108 զինուոր եւ քաղաքային: