Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի նոյեմբեր 24-ի նիստին խօսած է նաեւ Արցախի լուծարման գործընթացի եւ Ասկերանի պենզալցակայանին մէջ պայթումի հանգամանքներու մասին․ նոյեմբեր 24-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը՝ աւելցնելով, որ Շահրամանեանը հնարաւորինս անկեղծ եղած է՝ անդրադառնալով պատճառներուն ու հետեւանքներուն։
Ըստ յանձնաժողովի ղեկավարի՝ Շահրամանեանէն ստացած են նաեւ Արցախի լուծարման հետ կապուած բոլոր հարցերու վերաբերեալ բացատրութիւններ։
Քոչարեանը չակերտները չէ բացած, բայց ըսած է, որ քննարկումն արդիւնաւէտ էր։
Անոր խօսքով՝ յառաջիկային այլ հանդիպումներ եւս տեղի պիտի ունենան, իսկ դեկտեմբեր 3-ին յանձնաժողովի լիազօրութիւնները պիտի աւարտին, որմէ ետք խորհրդարանական մարմինը հանդէս պիտի գայ զեկոյցով, որու մէկ մասը կրնայ բաց ըլլալ։
Ըստ Քոչարեանի՝ նոյեմբեր 27-ին յանձնաժողովէն ներս հարցաքննուելու ցանկութիւն յայտնած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրամիաւորման հրամանատարներէն մէկը, նման ցանկութիւն ունի նաեւ Արցախի անվտանգութեան նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը, իսկ յանձնաժողովը կ՚ակնկալէ լսել նաեւ պատերազմի որոշ ժամանակահատուածին պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանին․ «Ամսի 29-ի հրաւիրեալը, կարծում եմ, բոլորին կը հետաքրքրի»,- ամփոփած է Քոչարեանը։