image

44–օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող ԱԺ Քննիչ յանձնաժողովի կ'ունենայ իր առաջին նիստը

44–օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող ԱԺ Քննիչ յանձնաժողովի կ'ունենայ իր առաջին նիստը

Ազգային ժողովին մէջ տեղի կ'ունենայ 44-օրեայ պատերազմի  հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած Քննիչ յանձնաժողովի առաջին նիստը:

Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան ընթերցեց Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Յակոբ Արշակեանին ուղարկուած 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկութիւնը.

«Ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 108-րդ յօդուածի 4-րդ մասով, ինչպէս նաեւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 20-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 3-րդ մասերով` ներքոստորագրեալ պատգամաւորներս միացել ենք 2020 թուականի Սեպտեմբերի 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնների հանգամանքների ուսումնասիրման նպատակով քննիչ յանձնաժողով (այսուհետ` յանձնաժողով) ստեղծելու առաջարկութեանը»:

Յանձնաժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտ սահմանուած  է 6 ամիս:

Անդրանիկ Քոչարեան նշեց, որ անհրաժեշտութեան պարագային յանձնաժողովը իրաւասու է ժամկէտը եւս 6 ամսով աւելցնելու:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները որոշում կայացուցած են չմասնակցիլ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած ԱԺ Քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն: