Քեսապ ապրող հայութիւնը ներկայ եղած է ցուցադրութեան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ ձեռնարկը եղած է կազմակերպութեամբ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ եւ համագործակցութեամբ Ս.Ե.Մ.-ի, Համազգայինի Համօ Օհանջանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ «Ջանից» ընկերակցութեան, Հ.Կ.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.Մ.-ի: Ձեռնարկը տեղի ունեցած է երէկ ՝ կիրակի 6 Օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս: Ֆիլմին մասին կարճ խօսքով մը հանդէս եղած է Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ. Վրդ. Լուիզեան, որ տեսաֆիլմը ներկայացնել՝է բացի, անդրադարձած է ֆիլմին փոխանցած պատգամներուն եւ կարեւորած է նման ձեռնարկ կայացնելու մօտեցումն ու նախանձախնդրութիւնը:
Ան նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղած է սոյն ձեռնարկի յաջողութեան իրենց նպաստը բերած բոլոր միութիւններուն եւ անհատներուն: Յիշեցնենք, որ միջոցառման ներկայ գտնուած են 400-է աւելի քեսապահայեր: