image
Հրատապ լուրեր:

«3+3»-ի յաջորդ հանդիպումները պէտք է կայանան Երեւանի եւ Պաքուի մէջ. Ռուսաց դեսպան

«3+3»-ի յաջորդ հանդիպումները պէտք է կայանան Երեւանի եւ Պաքուի մէջ.  Ռուսաց դեսպան

«3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի յաջորդ հանդիպումները պէտք է կայանան Երեւանի եւ Պաքուի՝ կողմերուն կողմէ որոշուած հերթականութեամբ։ Այս մասին 168.am-ին ըսած է Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին:

«Այս հարթակի ծիրէն ներս փոխգործակցութիւնը կարելի է ամրապնդել Ռուսիա, Հայաստան եւ Իրան ձեւաչափի շփումներով՝ տնտեսական եւ փոխադրային հեռանկարային նախագիծերու, արտաքին քաղաքականութեան համակարգման հարցերու եւ մշակութային-մարդասիրական թեմաներու քննարկման համար՝ այն ըմբռնումով, որ այդ քննարկումները պիտի լրացնեն, այլ ոչ թէ փոխարինեն երկկողմանի պայմանաւորուածութիւններն ու աշխատանքն արդէն իսկ կայացած տարածաշրջանային ձեւաչափերու շրջածիրէն ներս»,- ըսած է դեսպանը: