Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը մէկ շաբթուան մէջ աւելցած է 2124-ով եւ դարձած՝ 434 398: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2745 (+328) մարդ, կատարուած է 3 184 464 քննութիւն (+6131), առողջացած են վարակուածներէն 421 316-ը (+1788): «Քորոնա» ժահրային վարակի զոհերու ընդհանուր թիւը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին աւելցած է 7-ով եւ դարձած՝ 8 655։
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնած է, որ 21 օգոստոսի դրութեամբ հանրապետութեան մէջ պատուաստումներու թիւը կազմած է 2 միլիոն 239 865։ Մէկ շաբթուան ընթացքին այդ թիւը աւելցած է 3 335–ով։ Պատուաստանիւթի առաջին չափաբաժինը ստացած է 1 մլն 144 690 հոգի, իսկ երկրորդը` 1 մլն 021 հազար 236–ը։ Պուսթըրային (խթանիչ) դեղաչափը ստացած է 68 հազար 724 մարդ։