Այս տարուան երրորդ եռամսեակին լրագրողներու նկատմամբ բռնութեան14 դէպք արձանագրուած է։ Ընդհանուր առմամբ տուժած են 23 լրագրող եւ տեսանկարահանող։ Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտեի նախագահ Աշոտ Մելիքեանը։
«Ինչ վերաբերում է բռնութիւններին, ապա յետյեղափոխական տարիներին դրանց թիւն աննախադէպ է», - նշած է ան:
Մելիքեանի խօսքով` նախորդ եռամսեակին լրագրողներու եւ նկարահանողներու նկատմամբ բռնութեան դէպքեր չեն գրանցուած: Իսկ արձանագրուած 14 դէպքէն 11-ը տեղի ունեցած են «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման բողոքի ցոյցերու ժամանակ։
Նոյնը կը վերաբերի ԶԼՄ-ներու նկատմամբ ճնշումներուն։ Մելիքեանի տուեալներով՝ տարեսկիզբին ճնշումներու 17 դէպք եղած է, իսկ երկրորդ եռամսեակին՝ 26։
«Միակ դրական ցուցանիշն արձանագրուած է տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքի խախտման դէպքում։ Յունուար-մարտ ամիսներին եղել է 41 դէպք, իսկ երկրորդ եռամսեակում՝ 19»,-ըսած է կոմիտէի ղեկավարը։