Օրերս, իր քահանայական ձեռնադրութեան քսանամեակը բոլորեց Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգշ Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեանը։
«Արեւելք» բաժնելով Հայր Սուրբի ուրախութիւնն ու անոր մաղթելով բեղուն եւ ուղիղ առաքելութիւն իր նուիրական գործուէնութեան առընթեր ստորեւ կը ներկայացնէ (անգլերէնէ թարգմանելով) այդ առթիւ կատարուած գրառումը
Տիրոջը ծառայելու 20-ամեակի տօն
Այսօր ինծի համար առանձնայատուկ օր է։ Արդէն 20 տարի է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած եմ։
Այսօր, երբ այստեղ կը կանգնիմ, մեր հին եւ գեղեցիկ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր բնօրրանին մէջ, կը լեցուիմ երախտագիտութեամբ, ակնածանքով եւ հիացմունքի զգացումով այն ուղիին ընդառաջ, որ Աստուած սահմանած է ինծի համար:
Սիրտս կը խայտայ, երբ կը յիշեմ այն երիտասարդը, որ ես էի եւ երդում կու տայի այս սուրբ հողին վրայ՝ բացարձակապէս անտեղեակ ըլլալով այն հիանալի որմնագորգէն, որ Աստուած պիտի հիւսէր իմ ծառայութեանս ընդմէջէն:
Այս երկու տասնամեակներու ընթացքին օրհնութիւնը ունեցայ ծառայելու 3 տարբեր ցամաքամասներու 10 կենսունակ քաղաքներու մէջ՝ 3 սիրելի թեմերու եւ 8 եզակի ծուխերու մէջ: Բախտը ունեցայ ստանձնելու 11 տարբեր պաշտօններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ինծի արժէքաւոր բան մը սորվեցուց՝ հաւատքի ուժի, մեր համայնքի ճկունութեան եւ մարդկային բարութեան խորքին մասին:
Տեսայ, թէ ինչպէս Եկեղեցւոյ դեմքերը կը փոխուին, բայց երբեք՝ անոր ոգին: Անկախ թէ ան մտերմիկ հաւաք է համեստ մատուռի մէջ, թէ մեծ արարողութիւն՝ տաճարի մէջ, այն, ինչ մեր բոլորը կը կապէ սէրն ու հաւատքն են: Մկրտութիւններու եւ թաղումներու, հարսանիքներու եւ կիրակնօրեայ արարողութիւններու միջոցով, ձեր հաւատքը ինծի ուժ կու տայ կատարելու պարտականութիւններս, նոյնքան սիրով եւ նուիրուածութեամբ, որքան առաջին օրն էր:
Ես նաեւ ականատեսը եղած եմ, թէ ինչպէս Եկեղեցին նոր մարտահրաւէրներ կը դիմակայէ, որոնք մեր նախորդները գուցէ չէին պատկերացներ, բայց որոնք մեզի հնարաւորութիւնը կու տան աճելու եւ արտացոլելու Քրիստոսի սէրը՝ նոր ձեւերով: Այս բոլորին մէջ ե՛ւ խոնարհեցնող, ե՛ւ կազդուրիչ է Աստուծոյ շնորհքին անօթը ըլլալը:
Սիրտս կը լեցուի երախտագիտութեամբ՝ իւրաքանչիւր ծխականի, իւրաքանչիւր ընտանիքի, Քրիստոսով իմ բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ, որոնք մասնիկ մը եղան այս ճանապարհորդութենէն։ Շնորհակալ եմ, որ առջեւս ոչ միայն ձեր եկեղեցիներուն դռները բացիք, այլ նաեւ՝ ձեր սրտերը:
Ես անհամբեր կը սպասեմ գալիք ծառայութեան տարիներուս, որպէսզի միասնաբար սորվինք եւ հաւատքով ու սիրով շարունակենք մեր գործունէութիւնը:
Կը խնդրեմ, որ զիս պահէք ձեր աղօթքներուն մէջ, ինչպէս դուք իմ աղօթքներուս մէջ էք:
Աղօթքներով եւ երախտագիտութեամբ,
Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան
Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի