ՀՀ ոստիկանութիւնը ներկայացուցած է այն չափանիշները, ըստ որոնց՝ Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան եւ մարմնամարզութեան բնագաւառներուն մէջ նշանակալի աւանդ ունեցած օտարերկրեայ քաղաքացիները կրնան պարզեցուած կարգով ստանալ ՀՀ քաղաքացիութիւն։
Որոշման նախագիծը շրջանառութեան մէջ դրուած է իրաւական ակտերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքով։
Ըստ նախագիծին՝ տնտեսութեան մէջ 150 հազար տոլար ներդրած օտարերկրացիները կրնան ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալ: