image

100 անյայտ կորսուած աճիւն Պաքուին յանձնուած է

100 անյայտ կորսուած  աճիւն  Պաքուին յանձնուած է

«Հայաստանը Պաքուին փոխանցած է առաջին ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին անհետ կորսուած 100 ատրպէյճանցիներու մասունքները», յայտնած է Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնաժողովի նախագահ Իսմաիլ Ախունտովը:

Ատրպէյճանցի պաշտօնեաjին խօսքով` անոնցմէ 60-ին մասունքները արդէն իսկ նոյնականացուած են:

«Վերցուել են DNA-ի նմուշներ: Մեր վերջին գործողութիւնը տեղի ունեցած է Փարուխի բարձունքին: Բայց մենք կը կարծենք, որ սա վերջը չէ: Հետեւաբար, մենք պիտի վերադառնանք այնտեղ եւ պիտի շարունակենք արտաշիրիմման աշխատանքները: Մնացորդներ յայտնաբերուած են նաեւ Ֆիզուլիի շրջանին մէջ: Ֆուզուլիի մէջ ականներու պատճառով դեռ չենք կրնար արտաշիրիմումներ իրականացնել: Տարածքները ականազերծուելէ յետոյ այդ գործը կ'ընենք նաեւ այնտեղ», ըսած է Ախունտովը: