Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մօտերը գտնուող Քլովիսի Չարլի Քէյեան Համագաղութային Հայ վարժարանի հոգաբարձութիւնը եւ տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնեն, թէ «Ըլէյն Համփարսըն» հիմնադրամը վարժարանին կատարած է մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը, որուն համար երախտագիտութիւն կը յայտնէ նուիրատուներուն։
Հիմնադրամի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները վերջերս այցելած էին վարժարանը, քննած էին անոր դասաւանդութեան նիւթերը եւ ծրագիրը ու ծանօթացած էին անոր առաքելութեան եւ այս բոլորին հիման վրայ որոշուած էր կատարել այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը։
Ըլէյն Համփարսըն սիրուած ուսուցչուհի մըն էր, որ մեծ կարեւորութիւն կու տար տեղական կազմակերպութիւններու գործունէութեան։ Վարժարանի հոգաբարձութիւնը կը վստահեցնէ, թէ 45 տարիներէ ի վեր, Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ հայութեան կրթական կարիքներուն հասնող վարժարանը այս յատկանշական ներդրումին շնորհիւ պիտի իրականացնէ վարժարանին բարգաւաճումին միտուած իր ծրագիրները։