Թուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս)- Ստորագրահաւաք մեկնարկած է՝ կոչ ընելով Պոլսոյ դատարանին բեկանելու Թուրքիոյ ամենամեծ օրաթերթին նոր հոգաբարձուներ նշանակելու իր որոշումը, նաեւ կոչ ընել նախագահ Ռէճէփ Թայիպ Էրտողանին դադարեցնել ազատ ԶԼՄ-ներու վրայ գործադրուած բռնութիւնը: Change.org –ի միջոցաւ հրապարակուած յայտարարութիւնը կոչ ըրած է աշխարհի բոլոր գրողներուն, լրագրողներուն եւ արուեստագէտներուն, ստորագրահաւաքին մասնակցելով, դատապարտել «Զաման»՝ թերթի կառոյցներուն բռնագրաւումը: «Այսօր Թուրքիան, գրաւելով երկրի առաջատար թերթերէն մէկը, կը հաստատէ իր որդեգրած ազատ մամուլի օրէնքի անհաւատարիմ ըլլալը: Մենք, ներքոստորագրեալներս, կը խնդրենք դատարանէն բեկանել իր որոշումը Zaman-ի գրաւման վերաբերեալ եւ կոչ կ'ընենք միջազգային հանրութեան ձայն բարձրացնել Թուրքիոյ կողմէ կրկնուող ազատ եւ անկախ ԶԼՄ-ները ճնշելու փորձերուն», - կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: