Յունաստան- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ուրբաթ օր Սալոնիկի մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանը գրոհուած են խումբ մը դիմակաւորներ, որոնք այրող շիշեր արձակած են հիւպատոսարանի շէնքին վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ « Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը կը գրէ նաեւ, որ զինեալները շուրջ 15 նռնակներով հարուածած են կառոյցի դուրսի պատը, սակայն միջադէպի հետեւանքով վիրաւորուածներ չկան: Յարձակում գործողները գործողութեան վայրէն հեռացած են ոտքով: «Սապահ» կը հաղորդէ, որ յարձակման դրդապատճառը դեռ յայտնի չէ, իսկ ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ կասկածեալները: