Յորդանանի թագաւոր Ապտ Ալլահ յայտարարած է, որ տարածաշրջանի այժմու խնդիրները խորապէս կը յուզեն ու կը մտահոգեն զինք այն աստիճան, որ անգամ գիշերը չի կրնար քնանալ, այդ խնդիրներուն մասին մտածելուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար»-ը:
Թագաւորը նշած է, որ ամենաշատը զինք յուզողն ու քունը փախցնողը Յորդանանի դիմագրաւած տնտեսական խնդիրներն են, շետելով, որ Յորդանանի քաղաքացիները մինչեւ այս տարուան վերջը կամ յաջորդ տարուան սկիզբը զգալի դրական արդիւնքներ պէտք է նկատեն:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ճգնաժամին, թագաւոր Ապըտալլա կարծիք յայտնած է, թէ ճգնաժամի քաղաքական լուծումը տակաւին ժամանակի կը կարօտի, միաժամանակ դիտել տալով, թէ սուրիացի փախստականները Յորդանանի տնտեսութեան համար բեռ դարձած են:
Թագաւորին փոխանցմամբ, Յորդանանի բնակչութիւնը 10 միլիոն կը կազմէ, որոնցմէ միայն 7 միլիոնը Յորդանանի քաղաքացիներ են: