image

Ըստ «Շարք Ալ-Աուսաթ»ի Փութին Եւ Ասատ Վիճած Են Նախքան Ռուսիոյ Հեռանալու Որոշումը

Ըստ «Շարք Ալ-Աուսաթ»ի Փութին Եւ Ասատ Վիճած Են Նախքան Ռուսիոյ Հեռանալու Որոշումը

Ռուսիա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Մոսկուայի մէջ արաբական դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնած են, որ Քրեմլինի յայտարարած Սուրիայէն իր ուժերու մեծ մասը քաշելու Ռուսիոյ հանկարծակի որոշումը, եկած էր «փոթորկոտ հեռաձայնային խօսակցութեանէ» ետք, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ասատի միջեւ: Այս մասին կը փոխանցէ «Շարք Ալ-Աուսաթ»:

Նոյն աղբիւրները «Ալ-Շարք Աուսաթ»ին յայտնած են, որ Փութինը առաջարկներ ներկայացուցած է Ասատին Ժընեւի բանակցութիւններուն հետ կապուած, եւ վերջինս պնդած է իր կառչածութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւնները որոշուած թուականին իրականացնելու որոշման: Այնուհետեւ Փութին տեղեկացուցած է Ասատին Սուրիայէն քաշուելու որոշման մասին, ինչը Ասատ նկատած է «զօրաւոր հարուած՝ դաշնակիցներէն»:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ զգալի եղած է Ռուսիոյ զայրոյթը, օրեր առաջ Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ուալիտ Մուալլէմի կողմէ եղած յայտարարութիւններուն, եւ յայտնած, որ Փութին պահանջած է Մուալլէմի խօսքի բառացի թարգմանութիւնը, մատնանշելով, որ Ռուսիա անոր խօսքը գրգռող նկատած է, յատկապէս որ եղած էր բանակցութիւններու նյոն ժամանակամիջոցին: