image

Ըստ Նատիա Մուրատի 3000 Եզիտիներ Կը Շարունակեն Գերեվարուած Մնալ Տահէշի Մօտ

Ըստ Նատիա Մուրատի 3000  Եզիտիներ    Կը Շարունակեն Գերեվարուած Մնալ   Տահէշի Մօտ

Աթէնք- («Էլ-Նաշրա»- Պէյրութ)- «Տահէշ» կազմակերպութեան կալանքէն փրկուած Աթէնքի մէջ գտնուող Նատիա Մուրատը յայտնած է, որ աւելի քան 3000 Եզիտի գերիներ կը գտնուին ահաբեկչական  ահաբեկչական խմբաւորման մօտ:  Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Էլ-Նաշրա»ն: Կայքէջը կը նշէ, որ 21-ամեայ Նատիան երեք ամիս ձերբակալուած եւ շարունակ սեռական շահագործման ենթարկուած է կազմակերպութեան ծայրայեղականներուն կողմէ: ՄԱԿ-ի դատարանի առջեւ 16 Դեկտեմբեր  2015-ին  վկայութիւն տալով, Նատիա Մուրատ   ըսած է, որ իր ձերբակալումը տեղի ունեցած էր Օգոստոս 2014-ին, երբ ծայրայեղական կազմակերպութիւնը իշխելով իր գիւղին վրայ, սպաննած էր բոլոր տղամարդիկն ու առեւանգած՝ կիներն ու երեխաները:Ան ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհիրդին յայտնած է, թէ Եզիտի կանայք ծայրայեղականներու կողմէ օգտագործուած են որպէս «սեռական շահագործման կիներ» եւ պահանջած է, որ եզիտիներու ցեղասպանութեան հարցը բարձրացուի Միջազգային Քրէական Դատարանին առաջ:Նատիա Մուրատի ուղղած կոչին  համաձայն Յունաստանի նախագահ Պրոքոպիս Պաֆլոպուլոսը խոստացած է անոր հարցը քննել եւրոխորհրդարանին   առջեւ, քննելով նաեւ հազարաւոր եզիտիներու  ճակատգրի  խնդիրը, որոնք մինչեւ այս պահը կը գտնուին Տահէշի մօտ: Իր հերթին ՄԱԿ-ի  մէկ բանբերը յայտնած է, որ Օգոստոս 2014-ին  «Տահէշ»ի կողմէ Իրաքի հիւսիսարեւմտեան շրջանը գտնուող Սընճարի գրաւումէն ետք, անոր եզիտի բնակչութիւնը զոհ դարձած է «ցեղասպանութեան փորձի»: Աղբիւրը կը նշէ, որ Նատիա Մուրատը ներկայիս կ'ապրի Գերմանիոյ մէջ, ուր կրցած էր փախչիլ   անցեալին Մուսուլ  ապրող  ընտանիքի մը օգնութեամբ: