Աթէնք- («Էլ-Նաշրա»- Պէյրութ)- «Տահէշ» կազմակերպութեան կալանքէն փրկուած Աթէնքի մէջ գտնուող Նատիա Մուրատը յայտնած է, որ աւելի քան 3000 Եզիտի գերիներ կը գտնուին ահաբեկչական ահաբեկչական խմբաւորման մօտ: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Էլ-Նաշրա»ն: Կայքէջը կը նշէ, որ 21-ամեայ Նատիան երեք ամիս ձերբակալուած եւ շարունակ սեռական շահագործման ենթարկուած է կազմակերպութեան ծայրայեղականներուն կողմէ: ՄԱԿ-ի դատարանի առջեւ 16 Դեկտեմբեր 2015-ին վկայութիւն տալով, Նատիա Մուրատ ըսած է, որ իր ձերբակալումը տեղի ունեցած էր Օգոստոս 2014-ին, երբ ծայրայեղական կազմակերպութիւնը իշխելով իր գիւղին վրայ, սպաննած էր բոլոր տղամարդիկն ու առեւանգած՝ կիներն ու երեխաները:Ան ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհիրդին յայտնած է, թէ Եզիտի կանայք ծայրայեղականներու կողմէ օգտագործուած են որպէս «սեռական շահագործման կիներ» եւ պահանջած է, որ եզիտիներու ցեղասպանութեան հարցը բարձրացուի Միջազգային Քրէական Դատարանին առաջ:Նատիա Մուրատի ուղղած կոչին համաձայն Յունաստանի նախագահ Պրոքոպիս Պաֆլոպուլոսը խոստացած է անոր հարցը քննել եւրոխորհրդարանին առջեւ, քննելով նաեւ հազարաւոր եզիտիներու ճակատգրի խնդիրը, որոնք մինչեւ այս պահը կը գտնուին Տահէշի մօտ: Իր հերթին ՄԱԿ-ի մէկ բանբերը յայտնած է, որ Օգոստոս 2014-ին «Տահէշ»ի կողմէ Իրաքի հիւսիսարեւմտեան շրջանը գտնուող Սընճարի գրաւումէն ետք, անոր եզիտի բնակչութիւնը զոհ դարձած է «ցեղասպանութեան փորձի»: Աղբիւրը կը նշէ, որ Նատիա Մուրատը ներկայիս կ'ապրի Գերմանիոյ մէջ, ուր կրցած էր փախչիլ անցեալին Մուսուլ ապրող ընտանիքի մը օգնութեամբ: