Թուրքիա- PKK -ի հիմնադիր համարուող Ապտալլա Օճալան (Աբո) մերժած է թուրքիոյ իշխանութիւններուն խնդրանքը զինեալ քիւրտերուն մօտ միջամտելու եւ ընթացող ճակատումները դադրեցնելու վերաբերեալ: Այս մասին կը գրէ Լոնտոն հրապարակուող «Ալ Հայաթ»ը: Թերթը նաեւ նկատել կու տայ, որ Աբոյի մերժումէն ետք երկրի դատական մարմինները դատ բացած են HDP կուսակցութեան գլխաւոր դէմք համարուող Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշին դէմ: Նշենք, որ Օճալան 1999-էն ի վեր վեր կը մնայ Էմրլը բանտի ճաղերու ետին: Մահապատիժի արժանացած եւ ապա ցկեանս բանտարկութեան պատիժ ստացած Օճալան վերջին տարիներուն դրական դեր ունեցած է թուրք- քրտական յարաբերութիւններուն բարելաւման առընթեր եւ այդ դերին համար իշխանութիւնները հեշտացուցած են անոր բանտային կեցութեան պայմանները: