«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Լիբանանի Շուայֆէթ շրջանին մէջ Յառաջդիմական ընկերվարական կուսակցութեան եւ Լիբանանի Դեմոկրատական կուսակցութեան համակիրներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է, որուն ընթացքին արձակուած կրակոցները Յառաջդիմական ընկերվարական կուսակցութեան համակիրներէն մէկուն կեանքը խլած են:
Անկառավարելի վիճակն ի տես տուրզի շէյխեր սկսած են բարձրախօսներով կարգի հրաւիրել ընրհարման մասնակից կողմերը եւ խուսափիլ զէնքի կիրառումէն: Դէպքին միջամուխ եղած են նաեւ այնտեղ ժամանած ոստիկանական ուժերը:
Իր հերթին, Յառաջդիմական ընկերվարական կուսակցութեան նախագահը թուիթըրեան իր էջին կատարած գրառմամբ կոչ ուղղած է ընդհատել բախումն ու զերծ մնալ նոյն ընտանիքի անդամներուն միջեւ թշնամական տրամադրուածութենէ, եւ որպէս ընտրութիւններուն յաջորդող քայլ նոր էջ բանալով նպաստել երկրի զարգացման: