25 Դեկտեմբերի առաւօտեան Սեւ ծովու մէջ կործանած Tu-154-ի «սեւ տուփ»երէն մէկը յայտնաբերուած է եւ շուտով ցամաք կը հանուի: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, նշելով, որ «սեւ տուփ»ի վիճակի մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան:
Աղբիւրի համաձայն, օդանաւի պոչային հատուածը գտնուող միւս 2 «սեւ տուփ»երը տակաւին չեն յայտնաբերուած»:
Ինչպէս աւելի շուտ պատմած էր աղէտի ականատեսներէն մէկը, օդանաւը օդ ելլելէ ետք սկսած էր արագ բարձրանալ, անբնական վեր ցցուած քիթով: Յայտնի դարձած է, որ օդանաւի առաջնային մասը ջուրի հետ բախումէն անջատուած էր ու արագ խորտակուած: Օդանաւի բեկորներու ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ անձնակազմը փորձած է օդային փոխադրամիջոցը նստեցնել ջուրի մակերեսին:
Առայժմ խորտակման պատճառի հիմնական վարկածներն են՝ շարժիչի մէջ օտար մարմին իյնալը, անորակ վառելանիւթը, օդաչուներու սխալը, օդանաւի անսարքութիւնը: