image

Յարաբերութիւններու նոր տագնապ. Քաթար մեկուսացուա՞ծ

Յարաբերութիւններու նոր տագնապ. Քաթար  մեկուսացուա՞ծ

Այսօր առաւօտ Սէուտական Արաբիա խզեց իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Քաթարի հետ: Այս մասին լուրը փոխանցեց Սէուտական թագաւորութեան  պաշտօնական մէկ աղբիւրը: Աւելի ուշ այս քայլին միացան Պահրէյնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Եգիպտոսը:

 

Մինչեւ այս պահը   այս    որոշումին մասին  յստակ  պատճառաբանութիւններ չեն տրուիր, սակայն կը կարծուի, որ  Սէուտական  թագաւորութիւնը այս քայլին գնաց Քաթարի իշխան Ալ Թամիմ Պըն Համատի Իրանի իսլամական հանրապետութլեան հանդէպ ցոյց տուած դրական կեցուածքներուն պատճառով:

 

Յիշեցնենք, որ Սէուտական կողմին այս քայլը  կը կատարուի ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի Սէուտական Արաբիա տուած պաշտօնական այցելութեան յաջորդող հանգրուանին:

 

 Քաթարեան լրատուական  աղբիւրներ    Թրամբի  այցէն անմիջապէս ետք տեղեկութիւններ տարածած էին այն մասին, որ Քաթար շատ «խանդավառ» չէ Իրանին դէմ կազմուելիք նոր դաշինքով, սակայն աւելի ուշ այդ աղբիւրները յայտարարած էին, որ մէկէ աւելի պաշտօնական կայքեր ցանցահէններու զոհ գացած են, հետեւաբար շրջանառուած տեղեկութիւնները Քաթարի Իրանի դէմ կազմուելիք դաշինքին դէմ  ըլլալուն վերաբերեալ անհիմն են:

 

 Լիբանանեան VDL կայանին փոխանցմամբ այս ընթացքով Քաթարցիները պիտի յայտնուին «դիւանագիտական պաշարման» մը տակ: