Պատմական յուշակոթողներու եւ եկեղեցիներու պահպանման հարցը կարեւոր հնչեղութիւն ունի Վրաստանի մէջ:
Հայաստանեյց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ միջեւ առկայ են պատմական եւ եղբայրական համարուած յարաբերութիւններ, սակայն նոյն ծիրին մէջ առկայ է տասնեակ հայկական եկեղեցիներու խնդիր, որ կրնայ սուր տագնապի վերափոխուիլ:
Այսպէս ըստ Վրաստանի թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն եպս. Միրզախանեանին գոյութիւն ունին «վիճելի» համարուող 6 եկեղեցիներ, որոնք հայապատկան են, սակայն տարբեր հանգամանքներու բերումով այսօր կը հանդիսանան վէճի առանցք երկու «քոյր» եկեղեցիներուն միջեւ:
Այս խնդրին վերաբերեալ յատուկ աշխուժութիւն մը սկսաւ երեւիլ երբ մէկէ աւելի վրացական լրատուական կայքեր սկսան գրել Թիֆլիսի «Հաւլաբար» (մօտիկ անցեալին Թիֆլիսի հայութեան սիրտը համարուող թաղամաս) թաղամասին մէջ կիսաքանդ վիճակի մէջ գտնուող Շամխորեցոց եկեղեցւոյ փլուզման վտանգին մասին:
Սուրբ Աստուածածին Շախմորեցոցը (կ'անուանուի նաեւ «Կարմիր Աւետարան» կամ Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի) կառուցուած է 1735 թուականին (կարգ մը աղբիւրներու համաձայն 1785-ին) Շամխոր քաղաքէն այդ շրջան տեղափոխուած հայերու ձեռամբ: Նշենք, որ հայերով բնակեցուած Շամխոր քաղաքը ներկայիս կը գտնուի Ազրպէյճանի հիւսիս- արեւմտեան հատուածին մէջ եւ Թիֆլիս- Եւլախ մայրուղին մօտ: Շամխորի բնակչութիւնը աչքի ինկած է իր ռազմական ունակութիւններով եւ արիութեամբ յատկապէս 1800-ականներու սկիզբը տեղի ունեցած ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, երբ շրջանի հրամանատարն էր հայազգի զօրավար Վալերիան Մատաթովը:
Վերադառնալով մեր նիւթին յայտնենք, որ Շամխորի եկեղեցին կիսափուլ վիճակի մէջ յայտնուած է 1989-էն սկսեալ:Իսկ այսօրուան դրութեամբ եկեղեցին յայտնուած է ամբողջութեամբ փուլ գալու վտանգին առջեւ: Խնդիրն այն է, որ վրացական «Հորիզոնտ» շինարարական կազմակերպութիւնը դիմելով շրջանի քաղաքապետարան յաջողած է ձեռք ձգել շէնք մը կառուցելու արտօնագիր ու մէկէ աւելի աղբիւրներու փոխանցմամբ այդ շէնքը կրնայ օգտագործուիլ, որպէս պանդոկ կամ զբօսաշրջային համալիր:
Այս խնդիրը, չէ վրիպած Թիֆլիսի քաղաքացիական հանրութեան կիզակէտէն, ու մէկէ աւելի աքթիւիսթներ եւ պատմական յուշակոթողներու պաշտպանութեան հարցերով զբաղուող աքթիւիսթներ իրենց բողոքը ձայնը բարձրացուած են կատարուածին վերաբերեալ կիսաւեր եկեղեցիին կից շինարարական աշխատանքներ սկսելու իրողութիւնը համարելով անընդունելի:
Նոյնը կատարած է Վրաստանի թեմի հայոց առաջնորդարանը,որ պաշտօնական նամակներ յղած է պետական մարմիններուն, սակայն մինչեւ այս պահը այդ նամակները կը շարունակեն մնալ անպատասխան:
Թիֆլիսի մէջ գործող «Ալիք Մէտիա» (www.ali.ge) հայկական լրատուական գործակալութիւնը իր կայքին վրայ տեղադրուած լուրով մը փոխանցած է նաեւ, որ անցեալ 5 դեկտեմբերէն ի վեր սկիզբ առած շինարարութեան գլխաւոր պատասխանատուն է Իրակլի Կեսիլիան անունով վրացի գործարար- շինարար մը, սակայն գործակալութեան աշխատակից հայ լրագրողներուն տուեալ անձին հետ կապ հաստատելու բոլոր փորձերը մնացած են ապարդիւն:
Գաղտնիք ալ չէ նաեւ, որ վրացական «շինարարական կազմակերպութիւնը իր այս արարքով եւ բաւական կոպիտի ձեւով կը խախտէ Վրաստանի «Պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան» կողմէ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր գործող օրէնքը, ըստ որուն ցանկացած պատմական յուղարձանի կամ եկեղեցւոյ մերձ ըլլալիք շինարարական կամ նորոգութեն աշխատանք պէտք է կատարուի այդ պատմական վայրէն բաւական հեռու այդպիսով զերծ պահելով վայրը շինարարութեան անմիջական ցնցումներուն հետեւանքով ըլլալիք փլուզման վտանգներէն:
Այս բոլորին դիմաց մտահոգութեան տեղիք կու տայ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ լռութիւնը, որուն հոգեւոր առաջնորդները կամ կրօնական պատասխանատուները կը նախընտրեն ոչինչ ըսել հայութեան համար կարեւոր արժէք ներկայացնող ամբողջական փլուզման վտանգի առաջ կանգնա Շամխորեցոց կիսաւեր եկեղեցւոյ մասին
Ու թէեւ ճիշդ չէ, որ այս հարցին մէջ ալ փորձենք «դաւադրական տեսաբանութեան» մասին խօսիլ, բայց պատկան մարմիններուն եւ յատկապէս Վրաց Եկեղեցւոյ վերաբերմունքը եւ նոյնիսկ անոնց խնդրին առընթեր որդեգրած «պաղ» կամ չէզոք դիրք որդեգրելը կրնայ առիթ հանդիսանալ հայկական այլ եկեղեցիներու նոյն տխուր ճակտագրին ենթարկուելուն:
Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն եպս. Միրզախանեանին հետ իմ ունեցած զրոյցին ընթացին սրբազան հայրը կարեւոր խնդրի մըն ալ անդրադարձաւ, ան ըսաւ, թէ իր նախաձեռնութեամբ կը գործէ յատուկ մարմին մը, որուն հիմնական աշխատանքն է զբաղուիլ հայկական կիսափուլ կամ «վիրաւոր» վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցիներու վիճակով:
Գաղտնիք չէ, որ նման վերանորոգչական աշխատանքներ կը կարօտին մեծագումար դրամական յատկացումներու, որոնց ապահովումը բաւական «թանկ հաճոյք» է Վրաստանի հայ համայնքին համար:
Այստեղ պէտք է նոյնպէս նշել, որ Թիֆլիսի Առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ (վերանորոգման աշխատանքները աւարտեցան 2012-ին) եւ այդ գործընթացին մասնակցութիւն բերաւ մոսկուաբնակ հայ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած եւ Հայաստանի մէջ գործող IDeA հիմնադրամը, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման համար տրամադրեց 10 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Այստեղ հարկ է նշել, որ Հաւլաբարի մէջ գտնուող Շամխորեցոց եկեղեցիէն բացի կան նաեւ Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եւ Երեւանցոց Սուրբ Մինաս եկեղեցիները, որոնք նոյնպէս կը գտնուին անմխիթար վիճակներու մէջ եւ կարիք ունին անմիջական վերանորոգման, այլապէս կրնան ամբողջութեամբ փլուզուիլ:
Հայութեան պատմական յիշողութիւններու, սրբավայրերու, տաճարներու, եկեղեցիներու եւ վանքերու կանգուն մնալու հարցը ազգային խնդիր է: Այս բոլորին մէջ կայ, ոչ միայն քարեղէն այդ ամրոցները պահպանելու եւ վերանորոգելու հարցը, այլ կարեւորը օգտակար, պէտքական, մեր ժողովուրդին համար պիտանի հանդիսացող կառոյցներու վերականգնումն է:
Հեշտ է քարոզներ կարդալ ու ըսել, որ այս ինչ եկեղեցին, կամ այդ ինչ կառոյցը կարեւոր են մեզի համար: Պէտք է շատ աւելի խորունկ հայացքով քննել հարցերը ու նայիլ թէ, որ եկեղեցին, որ տաճարը, որ վանքը կարեւոր են մեզի համար:
Օրինակ մը տալու համար յիշեցնենք Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ պարագան, որ տարբեր հանգամանքներու բերումով այսօր դարձեալ ծանր վնասներու ենթակայ է: Պիտի չդատապարտենք կամ սխալ պիտի չհամարենք այդ եկեղեցւոյ վերականգնումը, սակայն իրաւունքը ունինք բարձրաձայն հարցում մը ընելու եւ ըսելու, թէ ինչքանով նպատակայարմար էր այդ եկեղեցւոյ վերանորոգումը, որ ատենօք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մեզի համար, սակայն այսօր դարձեալ մատնուած է անմխիթար վիճակի մը մէջ: Ու այս առումով նաեւ յստակ է, որ նոյնիսկ եկեղեցական վայրերու կամ հայապատկան վանքերու հարցին առընթեր մենք յստակ ծրագիր մը չունինք ու առաւելապէս մեր նուիրապետական աթոռներէն իւրքանչիւրը կը գործէ իրարմէ անջատ եւ առանց համակարգումի մը մէջ եղող գործելաոճով մը այդպիսով իյնալով համընդհանուր շփոթի մը մէջ եւ մեր ժողովուրդի թանկ միջոցները (յաճախ) անտեղի եւ անօգուտ կերպով ի սպառ վատնելով:
Սագօ Արեան
