image

«Ո՞վ կը փորձէ խառնակչութիւն ստեղծել Եգիպտոսի մէջ. Պատասխանը յստակ է՝ Թուրքիան եւ «Իխուան»ները. Վարուժ Չիլինկիրեան

«Ո՞վ   կը փորձէ խառնակչութիւն  ստեղծել Եգիպտոսի մէջ. Պատասխանը յստակ է՝ Թուրքիան   եւ «Իխուան»ները. Վարուժ Չիլինկիրեան

«Արեւելք»ի հայցերուն կը պատասխանէ   եգիպտահայ գործարար՝ Վարուժ  Չիլինկիրեան Եգիպտոսէն.

 

-Ինչի՞ն կը վերագրէք վերջին շրջանին Եգիպտոսի մէջ ընթացք առած ցոյցերը: Գիտենք, որ անցեալ ուրբաթ մեծածաւալ ցոյցեր եղան, որոնք կը պահանջէին նախագահ Սիսիի  հրաժարականը, ի՞նչ է իրական պատկերը: 


Իրական պատկերը ներկայացնելու համար նախ պէտք է ըսել, որ անցեալ ուրբաթ մեծածաւալ ցոյցեր չեղան, այլ պարզապէս ցոյցեր ընելու փորձեր եղան, որոնք ձախողութեան մատնուեցան: Անուշտ այդ ցոյցերու   ետին կանգնած  են  «Իսլամ Եղբայրները»՝ նախկին պարտուած  իշխանութեան հետեւորդները, որոնք առիթ չեն փախցներ երկրին մէջ խառնակչութիւն եւ անկարգութիւն ստեղծելու:

 

-Լուրջ մտահոգութիւններ կամ մտավախութիւններ ունի՞ք այս շարժումներուն առընթեր, արդեօք այս շարժումները պիտի ազդե՞ն Եգիպտոսի ընդհանուր  կայունութեան եւ ապահովութեան վրայ:


Եգիպտոսի ապահովական կայունութեան վրայ չեմ կարծեր կ՚ազդեն, պարզապէս ուրբաթ օրերը ապահովական քիչ մը խիստ   միջոցառումներ պիտի իրագործուին, որ այս ալիքը մարի: Բացի եթէ մեծ խնդիրներ չպատահին, ինչպէս  օրինակ պայթումի ձեւով  ահաբեկչական արարքներ, այլապէս կայունութիւնը  չի խախտիր:


-Ձեր  կարծիքով այս ցոյցերու մղումները արտաքի՞ն թէ ներքին գործօնի արդիւնք են, այսինքն  ցոյցերը հրահրող կողմեր  կա՞ն, թէ պարզապէս երկրին մէջ բողոքի ալիք  բարձրացած է:


Ցոյցեր ընելու եւ երկիրը ապակայունացնելու այս փորձը վստահ իր ներքին եւ անպայման արտաքին խաղացողները ունի: Սկսելով ներքին խաղացողներէն, անկասկած որ «Իսլամ եղբայրներ»ն են ,  որոնք իշխանութիւնը կորսնցուցած են քանի մը տարի առաջ այսօրուան նախագահի ջանքերով: Ներքին խաղացողներուն վրայ կարելի է նաեւ աւելցնել հռչակի ու ժողովրդականութեան ետեւէն վազվզող այս կամ այն լրագրողները կամ փոքր փոքր խմբաւորումները: Իսկ արտաքին խաղացողները միշտ ալ յայտնի են՝ Թուրքիան իր նիւթական օժանդակութեամբ եւ մարզումներով եւ Քաթարը իր լրատուական միջոցներով, մանաւանդ  «Ալ Ճազիրա»ով, որ կը փորձէ անընդհատ «ձէթ լեցնել կրակին վրայ» եւ շինծու ու կեղծ լուրերով ժողովուրդը հրահրել, կասկած սերմանել, նաեւ քաղաքի հանդէպ անապահովութեան զգացում ստեղծել, որոնք խաբուսիկ զգացումներ են:  


 

-Արդեօք այս դէպքերը որեւէ մտավախութիւն կը ստեղծե՞ն  Գահիրէի հայկական համայնքին համար: 


Կրկին անգամ կ'ուզեմ ճշդել, որ դէպքեր չկան, գոնէ եղածը չենք կրնար  դէպք կոչել: Կեանքը շատ  շատ բնականոն ձեւով կ'ընթանայ, այսինքն մտահոգուելու որեւէ պատճառ չկայ թէ՛ մեր գաղութով թէ՛ առհասարակ որեւէ մէկով: Կ'ուզեմ պարզ օրինակ մը տալ. անցեալ շաբաթ օր, երբ լրատուական միջոցները, ըլլայ օտար կամ «Ալ ճազիրա»ն ցոյց կու տային որ Եգիպտոսի մէջ ցոյցեր կը կատարուին եւ զանգուածային ժողովրդային շարժումներ տեղի կ'ունենան, «Թահրիր» հրապարակին վրայ, մենք նոյն «Թահրիր» հրապարակէն  անցանք  երեկոյեան ժամը 7-ին, որպէսզի ներկայ գտնուինք Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան Անկախութեան տօնին առթիւ կազմակերպած հանդիսութեան օփերայի  տան մէջ.  Ոչ մէկ ցուցարար տեսանք, պարզապէս ոստիկանութիւնն էր, որ ամէն տեղ կը հսկէր, մինչդեռ նոյն վայրկեանին «Ալ Ճազիրա»ն կը սփռէր, որ երկիրը տակն ու վրայ վիճակի մէջ է, «Թահրիր» հրապարակը իրար անցած է, եւայլն,  եւայլն: Այսինքն բոլոր ներկայացուածը  սուտ էր, եւ յուսամ որ այդպէս ալ կը մնայ եւ  որեւէ լուրջ բան չի պատահիր:   

 

-Գիտենք, որ  Եգիպտոս դարմանման փուլի մէջ է. խօսքը յատկապէս տնտեսական  ոլորտի  մասին է: Դուք, որպէս գործարար ի՞նչ գնահատականներ կու տաք  այսօրուան  վիճակին եւ անշուշտ իշխանութիւններու   գործունէութեանը։ 


Բացասական որեւէ ազդեցութիւն տեղի չէ ունեցած երկրի տնտեսութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կեանքի առօրեային վրայ ընդհանրապէս: Եգիպտական թղթոսկիին տոլարին դիմաց սակագինը ցոյց կու տայ, որ երկրի տնտեսութիւնը  կայուն է: Միշտ ալ եգիպտական թղթոսկին իր արժէքը պահած է: Եւ երբ տոլարը օրէ օր աւելի կ'արժեզրկուի եգիպտականին դիմաց, այդ արդէն կը նշանակէ, որ երկրի տնտեսութիւնը առողջ վերելքի մէջ է: