Անցնող օրերուն Եէմէնի մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ Մոսկուա վճռած է ամէն գնով պատժել Սիւննի աշխարհի առաջատար երկիրները ու յատկապէս Րիատը Եէմէնի մէջ: Միայն երէկ Պապ Ալ Մանտէպ շրջանին մէջ սպաննուած են սէուտցի, իմարաթցի եւ մարոքցի տասնեակ զինուորներ: Զինուորները սպաննուած են իշխանազուրկ դարձած նախագահ Ալի Ապտալա Սալէհի եւ Շիիթ Հուսի զինեալներու կրակներով: Պատերզմական գետնի վրայ հուսիներուն գրանցած յաջողութիւնները կը պայմանաւորուին, ոչ միայն անոնց կռուելու կարողութեամբ այլ մասնաւորապէս անոնց օգտագործած ռուսական հրթիռներուն հետեւանքով: Հրթիռնրուն ամէնէն երեւելին ռուսական Սամ 2 հրթիռն է, որ տեղական ուժերուն աշխատանքով բարելաւուած է ու կոչուած «Քահէր»: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ռուսական հրթիռները ծանր վնասներ կը պատճառեն արաբական դաշնակից երկիրներու դիրքերուն: Ըստ վերջին տուեալներուն Սիւննի սպաննուած զինուորներուն թիւը հասած է 150-ի: Նշենք, որ անցնող Օգոոստոսէն ի վեր սէուտցի ոչ մէկ պատասխանատու այցելած է Մոսկուա եւ Գրէմլինի կողմէ Եէմէնի մէջ «պատժական» այս միջմատութիւնը կարելի է վերագրել իբրեւ արդիւնք Սուրիոյ ճակատին ուղութեամբ Րիատ-Մոսկուա երեւելի տարակարծութիւններուն:
Խմբ.